2013-08-10 10:53:53

Կարտինալ Սանտրիի Կոչը Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ի Պաշտպանութիւն` Երեք Քահանաներու Ու Երկու Եպիսկոպոսներու Արեւանգումի Ոգեկոչում։


Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` կարտինալ Լէօնարտի Սանտրի սրտայոյզ կոչ մը ուղղած է համայն քրիստոնէութեան պաշտպանութեան ի սպաս ու յատկապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք զանազան վայրերու մէջ կը տառապին ու կը հալածուին։ Կարտինալը այս յայտարարութիւնը կատարած է Արժենթինայի Ալդա քաղաքին մէջ մատուցած ս. պատարագին ընթացքին իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած որ շուտով ազատ արձակուին Սուրիոյ մէջ արեւանգուած երեք քահանաներն ու երկու եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.